ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Ցեղասպանութեան 102-ամեակի նշումը Մեսրոպեանի մէջ

Մայիսի 11, 2017
Սփյուռքի լրատու

28 Ապրիլ 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները կայացան նահատակներու յիշատակը արժանաւորապէս նշելու եւ աշակերտներուն մէջ պահանջատիրութեան ոգին վերարծարծելու ոգեշունչ մթնոլորտի մը մէջ:

Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ նախ կայացաւ արդէն աւանդական դարձած ընդհանուր հաւաքը, ուր վարժարանի աշակերտները ներկայացան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ, մինչ Մանկապարտէզի փոքրիկները կը տողանցէին ազգային տարազներով, վերյիշեցնելով կորուսեալ հայրենիքի այն բնակավայրերը, որոնցմէ տարագրուեցան հարիւր հազարաւոր հայեր:

Ոգեկոչումի օրուան կարեւոր մէկ հանգրուանը կազմեց Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակը, որուն առջեւ ծաղիկներ դնելով նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցին վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:

Տեղի ունեցան ոգեկոչման զոյգ ձեռնարկներ՝ նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն համար անջատաբար: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Մեսրոպեանի աշակերտներ, դասարանային խումբեր եւ «Ծիծեռնակ» երգչախումբը. ասմունքի, երգի եւ երաժշտութեան կատարումներու երկար շարքով մը, Մեսրոպեանի աշակերտները արտայայտեցին իրենց ցաւը՝ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն համար, արդար ցասումը՝ ի տես Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալուն, դատապարտումը՝ ցեղասպանին եւ ամենակարեւորը՝ իրենց կամքն ու վճիռը միշտ յիշելու նահատակները ու հաւատարիմ մնալու անոնց սուրբ կտակին: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ կայացած հարցազրոյցներու շարք մը, ուր հայ մանուկները կ՛արտայատէին իրենց ապրումներն ու մտածումները՝ Ցեղասպանութեան մասին:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին մէջ յորդորեց միշտ վառ պահել պահանջատիրութեան ջահը, մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան յատկապէս խորհուրդ տուաւ աշակերտներուն իրենց ընկերային միջավայրին մէջ ըլլալու մէկական դեսպան Հայ Դատին ու Հայաստանին, որպէսզի հայութեան ձայնը միշտ բարձր հնչէ՝ ի խնդիր արդարութեան: Պարոն Գալուստ այս առիթով ողջունեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխ նախարար եւ հայկական բանակի հրամանատար զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանցը եւ Արեւմտահայութեան դատի պաշտպան հասարակական գործիչ Կարէն Միքայելեանը, որոնք հիւրաբար ներկայ էին ձեռնարկներուն:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

application/pdf

(35 kb)