ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Աւարտականներու ուխտագնացությունը՝ դպրոցական շրջանի աւարտին առիթով

Մայիսի 8, 2019
Սփյուռքի լրատու

Մայիսի առաջին շաբաթավերջին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները ուխտագնացութեամբ մը իւրայատուկ նշումը կատարեցին դպրոցական իրենց կեանքի աւարտին, որ ինքնին սկիզբ է նոր ուղեւորութեան` ուսման եւ կեանքի ճամբաներուն վրայ:

Մեր աշակերտները, առաջնորդութեամբ վարժարանի հոգեւոր վարիչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի, քալելով բարձրացան Հարիսայի ուխտավայր, անցնելով հանրածանօթ “Երկնքի Ճամբու” Տարպ էլ Սամա 7 հանգրուաններէն: Աշակերտներուն կ’ընկերանար վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Իւրաքանչիւր հանգրուանի, աշակերտները կանգ առին, աղօթելու համար Սուրբ Տիրամօր “Վարդարանը”: Ուղեւորութեան սկիզբը, աւարտող Մեսրոպեանականները այցելեցին Ճիւնիի մայրուղիին վրայ գտնուող “Լիբանանեան-Հայկական Բարեկամութեան Յուշակոթող”, որ վերջերս բացուեցաւ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ:

Հարիսայի մէջ, Տէր Ռաֆֆի քահանան մատուցեց Սուրբ Պատարագ: Ուխտագնացութիւնը յուզումներով լի պահեր պարգեւեց աշակերտներուն, առիթ հանդիսանալով, որ անոնք անդրադարձումներ ապրին իրենց անցած տարիներուն մասին ու ներշնչուին` գալիքի հեռանկարներով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի