ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Մեր վարժարանի գանձանակին պատմութիւնը

Դեկտեմբերի 2, 2019
Սփյուռքի լրատու

Յարգելի ծնողներ եւ բարեկամներ,

Դուք լուսանկարներուն մէջ կը տեսնէք այն գանձանակը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանը ամէն տարի կը գործածէ Հայաստանի մէջ ծառ տնկելու եւ Համահայկական հիմնադրամի ի նպաստ հանգանակութիւն կատարելու համար:

Պղնձեայ գանձանակը այս տարի դարձաւ 110 տարեկան: Ան պատկանած է երբեմնի «Մամիկոնեան» երկսեռ վարժարանին (Ըստ մեր ուսումնասիրութեան, հաւանաբար Տրապիզոնի մէջ):

Այս գանձանակով դար մը առաջ պատանի հայորդիներ հանգանակութիւն կատարեր են իրենց սիրելի վարժարանին համար, իսկ այսօր՝ մեր վարժարանի սանիկները նոյնը կը կատարեն Հայաստանի բարգաւաճման եւ կանանչապատման համար:

Պարոն Նորայր Տատուրեանը այս գանձանակը  քսան տարի առաջ  գնած է Պոլսոյ յայտնի մէկ հնավաճառէն ու բերած է Ամերիկա, որպէսզի ան երկրորդ կեանք մը ունենայ եւ շարունակէ ազգին ծառայել:

Մաղթենք, որ ան երկար տարիներ կատարէ այդ պաշտօնը:

Յարգանքով՝
Շաբաթօրեայ վարժարան