ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Կաղանդի տօնակատարութիւն Վալանսի Ս.Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան վարժարանէն ներս

Դեկտեմբերի 26, 2019
Սփյուռքի լրատու

Այս գիշեր
գաղտագողի պիտի մտնեմ
ձեր դռնէն ներս
կաղանդի ծառին վրայ
մոմի նման պլպլացող
լոյսը պիտի ըլլամ:

Դաւիթեան վարժարանի այս տարուան ամանորեայ տօնակատարութիւնը սպասուածէն աւելի մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ տեղի ունեցաւ 21 Դեկտեմբերին 2019-ին, դպրոցիս մօտ 140 աշակերտներուն մասնակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ դպրոցիս Ծնողաց Յանձնախումբին։

Յայտագիրը սկսաւ աշակերտական Կաղանդի երգերով եւ արտասանութիւններով։ Այնուհետեւ «Մաղթանք Մեծասքանչ» խորագրին տակ աշակերտները լաւապէս ներկայացուցին հայոց մեծերու գրիչի ու տաղանդի զօրու-թեամբ հնչող Նոր տարուան բարեմաղթանքները, խօսքերը, ցանկութիւններն ու պատգամները, գալիք լաւ օրերու եւ պայծառ ապագայի մը պատրանքով։

Յատկանշական էր աշակերտական նամակներով պատրաստուած մաղթանքներու ծառը, որուն վրայ տեղադրուած էին աւելի քան 150 աշակերտական գրութիւններ, ցանկութիւններ եւ մաղթանքներ։

Տիտանական եւ լուրջ աշխատանք՝ աշակերտական այս մեծ թիւին հետ։ Դաւիթեան միօրեայ վարժարանէն ներս աշակերտները միայն հայերէնով գրել, կարդալն ու արտայայտուիլը չէ, որ կը սորվին, այլ նաեւ հայերէնով մտածել, հայերէնով ապրիլ ու հայերէնով շնչելը կը սորվին, ահա ա՛յս է մեր նպատակը։

Յայտագիրը համալրուած էր Կաղանդ Պապային ուղղուած ասմունքներով, երգերով, բազմաթիւ խաղերով, պարերով, հիւրասիրութիւններով, որոնց միջոցաւ տօնական մթնոլորտն ու խանդավառութիւնը առաւել կրկնապատկուեցան՝ մաքուր հայկական այս ջերմ յարկին տակ։

Առ այդ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք դպրոցիս յարգարժան նուիրատուներ՝ տէր եւ տիկին Ժանօ եւ Արուսեակ Վեզիրեաններուն, Դաւիթեան վարժարանի ուսուցչուհիներուն եւ յայտապէս Ծնողաց Յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն, որոնց համագործակցութեան եւ նուիրական աշխատանքին շնորհիւ է, որ միշտ վառ կը մնայ հայկական, ազգային եւ կրօնական ոգի ջամբող մեր հայկական այս տաքուկ օջախը։

Բարի տարի եւ բարի մաղթանք

ԲէԿԻ ԷՔՄԱՆԵԱՆ֊ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ
21․12․2019

Նյութը ֆրանսերեն՝ https://www.armedu.am/index.php/en/news/view/3318