ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Մեսրոպեանի մէջ կայացաւ աշակերտներու համալսարանական արեւելումին նպաստող հանդիպում՝ 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներու հետ

Փետրվարի 10, 2020
Սփյուռքի լրատու

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ Արեւելումի Գրասենեակին, Փետրուար 7-ին լիբանանեան 15 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին հաարեւելումի մալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններն ու կրթութեան պայմանները: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան բանակի սպայից վարժարանի գրասենեակին պատասխանատուն:

Աշակերտներուն տրամադրուեցան  հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելելալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:

Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին.  անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն կատարել թէ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով: