ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Մեսրոպեանի աշակերտներուն ներկայացուեցաւ հայկական ասեղնագործութիւնը

Փետրվարի 10, 2020
Սփյուռքի լրատու

6 Փետրուարը հայ մշակոյթի մէկ շատ հետաքրքրական ժառանգութեան ծանօթանալու օր մը եղաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար:

Վարժարանը հիւրընկալեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ձեռարուեստի կեդրոնի ներկայացուցիչ տիկին Մակի Պետիկեանը, որ աշակերտներուն պատմեց հայկական ասեղնագործութեան մասին, ներկայացնելով անոր զարգացման հոլովոյթը՝ դարերու ընթացքին: Տիկին Պետիկեան իր հետ բերած էր ասեղնագործ աշխատանքներու նմուշներ, որոնցմով աշակերտներուն բացատրեց անոնց ոճական եւ բովանդակային առանձնայատկութիւնները: «Չենք կրնար վերակենդանացնել մեր նահատակները, բայց կրնանք պահպանել եւ ապահովել գոյատեւումը այն թանկագին ժառանգութեան, զոր անոնք ձգած են իրենց ետին”, ըսաւ ան»:

Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին հիւր դասախօսին, որ յաւելեալ բացատրութիւններով գոհացուց անոնց հետքրքրութիւնը ներկայացուած նիւթին մասին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի