ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Բարեկենդանը Հեքիաթի ժամուն

Փետրվարի 20, 2020
Սփյուռքի լրատու

«Բարեկենդան, Բարեկենդան, ամէն կողմ դիմակներ կան...»

Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան, Վալանսի Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան դպրոցի աշակերտութիւնն ու անձնակազմը այս անգամ հաւաքուած էին նշելու Բարեկենդանի տօնը՝ «Բարեկենդանը Հեքիաթի ժամուն» խորագիրով, մասնակցութեամբ սոյն ձեռնարկին համար յատուկ ժամանած հեքիաթասաց տիկին Շողիկ Երեմեանին։

Դպրոցիս տեսուչ Տէր Անդրանիկ  քհնյ. Մալճեանին օրհնութեամբ սկիզբ առաւ սոյն դաստիարակչական ձեռնարկը։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ դպրոցիս աշակերտներէն՝ Հերա Մահսերէճեանը, որ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս անցեալին «Հայաստանի մէջ բարեկենդանը կը հանդիպէր տարուան այն եղանակին, երբ ձմրան ցուրտ օրերը հրաժեշտ կու տային, տեղի տալով գարնան անուշ եղանակին։ Այսպէս կարծէք բարի օրեր կը դիմաւորէին եւ կը յուսային, որ բնութիւնը գարնան եղանակով վերակենդանանար։ Բարեկենդանը բարդ բառ մըն է, որ կազմուած է «բարի» եւ «կենդան» բառերէն։ Ուրեմն բարեկենդանը այն տօնն է, որ կը հեռացնէ չարը՝ դիմաւորելու համար բարին...»։

Աւանդական այս բարի տօնին զուգահեռ, մեր սիրելի աշակերտներուն վառ երեւակայութեան մէջ վերակենդանացան նաեւ հայ մեծանուն հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի «Սուտասանը», «Քաջ Նազարը» եւ «Բարեկենադանը» հեքիաթները։ Տիկին Երեմեանին կողմէ գեղեցիկ կերպով ներկայացուած Թումանեանի հեքիաթներուն հերոսները կարծես թէ մարմնաւորուած ըլլային եւ ներկայ ըլլային մեր մէջ՝ դպրոցիս աշակերտութեան հետ նշելու Բարեկենդանի տօնը։ Այնտեղ էր թագաւորը, որ կը փնտռէր «ճշմարիտ» ստախօս մը, Նազարը՝ միշտ «քաջ» եւ չարին յաղթող, իսկ կեղծ «Բարեկենդաններուն» ձեռքը ինկողներուն ճակատագիրը գրեթէ բոլորս ալ գիտենք։

Մէկը միւսէն գեղեցիկ ծպտուած աշակերտները բոլորն ալ մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին եւ դիտեցին հեքիաթասացին ներկայացումը եւ միաժամանակ տեղ-տեղ իրենց մասնակցութիւնն ալ բերին՝ ձիու ոտնաձայնը  կամ կենադնիի ձայները հանելով, ուրիշ տեղ մըն ալ քաջալերելով Քաջ Նազարը՝ միաբերան գոչեցին.  «Անյաղթ հերոս Քաջն Նազար, որ մէկ զարկով ջարդէ հազար»։

Պահը եկած էր աշակերտներուն կողմէ հայերէն լեզուով ներկայացուած աշակերտական սրամիտ հանելուկներուն, որոնց պատասխանները գտնելը այդքան ալ հեշտ չէր։

Աւարտին, Տէր Անդրանիկ քահանային կողմէ, հայկական օրհնուած խաչով մը խորապէս գնահատուեցաւ եւ պարգեւատրուեցաւ տիկին Շողիկ Երեմեանը, որ իր կարելին ըրաւ մեր սիրելի փոքրիկները հեքիաթներու երեւակայական եւ դաստիարակչական աշխարհը փոխադրելու։

Բոլորիս ալ յստակ է, թէ հեքիաթներու աւարտին երբեմն չարը, բայց շատ յաճախ ալ բարին է, որ կը յաղթէ։ Սակայն մեր այսօրուայ հեքիաթային մթնոլորտին մէջ եւ առհասարակ Դաւիթեան դպրոցի հեքիաթային եւ օրհնուած երկնակամարին ներքեւ յաղթողը միշտ բարին է՝ բարի հեքիաթը, որ իր գերակշիռ դերը ունի հայ նոր սերունդի երեւակայութեան զարգացման եւ ճշգրիտ դաստիարակութեան մէջ։

Բարի մտածենք, բարի խօսինք, բարի գործենք եւ բարին ժառանգենք։

Բարի Բարեկենդան

Վալանսի Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան դպրոց
ԲԷԿԻ ԷՔՄԱՆԵԱՆ-ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ

Նյութը ֆրանսերեն՝ https://www.armedu.am/index.php/en/news/view/3410