ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Դասաժամ՝ նուիրուած Զապէլ Եսայեանին

Մարտի 5, 2020
Սփյուռքի լրատու

Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020֊ի առաւօտեան Վալանսի Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան դպրոցի 5֊-րդ կարգի աշակերտուհի Սէրլի Եմէնճեանը իր դասընկերներուն ներկայացուց 20-րդ դարասկիզբի լրագրող, հրապարակախօս, բանաստեղծ եւ գրող Զապէլ Եսայեանի (Zabel Essayan, 1878֊1943) կեանքն ու գործունէութիւնը։

Ներկայացման ընթացքին տեղի ունեցան մէջբերումներ եւ հարցադրումներ աշխարհի ամէնէն անվախ հինգ կիներէն մէկը համարուող, կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան իսկական առաջամարտիկ Զապէլ Եսայեանի գրական գործունէութեան շուրջ։

Աշակերտուհին նշեց նաեւ, թէ 2018-ի Մարտ 8-ին, կանանց միջազգային օրուան առթիւ, Փարիզի Հանրապետութեան պողոտայի եւ Թլիմսեն ու Սփինոզա փողոցները (20-րդ եւ 11-րդ շրջաններ) իրար կապող հատուածին մէջ գտնուող ծառուղին անուանակոչուած է Զապէլ Եսայեանի անունով:

Ծանօթ.- Կանանց միջազգային օրուան առթիւ, Մարտ ամսուան ընթացքին իւրաքանչիւր դասապահի առաջին ժամը պիտի յատկացուի հայ կին գրողներու, որոնք իրենց ուրոյն դերն ունեցած են հայ գրականութեան զարգացման եւ հայ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ։

Մեր յաջորդ դասապահը պիտի նուիրուի հայ բանաստեղծուհի, գրող Շուշանիկ Կուրղինեանին (Shushanik Kurghinian, 1876֊1927)։

ԲԷԿԻ ԷՔՄԱՆԵԱՆ-ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ

Նյութը ֆրանսերեն՝ https://www.armedu.am/index.php/en/news/view/3453