ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Մեսրոպեանի մէջ կայացաւ աշակերտներու համալսարանական արեւելումի հանդիպում՝ 14 համալսարաններու ներկայացուցիչներու հետ

Նոյեմբերի 21, 2022
Սփյուռքի լրատու

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ արեւելումի գրասենեակին, Նոյեմբերի 18-ին լիբանանեան 14 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններն ու կրթութեան պայմանները: Հանդիպումները կայացան Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Աշակերտներուն տրամադրուեցան  հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելելալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալական խօսք ուղղեց համալսարաններու ներկայացուցիչներուն, մասնակցութեան համար: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին.  անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն կատարել թէ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով: 

application/pdf

(49 kb)