ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Փասատենա քաղաքի շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Տեառնընդառաջը

Փետրվարի 13, 2023
Սփյուռքի լրատու

Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը, 11 Փետրուար 2023, Շաբաթ օր մոմավառութեամբ, երգով, պարով ու դպրոցի բակի մէջ վառած աւանդական խարոյկով տօնեց Տեառնընդառաջը:

 

Վառ աւանդութիւն

Փասատեանա քաղաքի 60ամեայ շաբաթօրեայ վարժարանը աշակերտներու, ծնողներու եւ տասնեակ մը հիւրերու մասնակցութեամբ այս տարի եւս ապրեցաւ իր ամենէն սիրելի օրերէն մէկը՝ Տեառնընդառաջը: Իր հոգեւոր պատգամով, տոհմիկ պարերով եւ աւանդական խարոյկով այս տօնը կը շարունակէ բոլորին սիրտերը ջերմացնել ու վառ պահել հայկական ինքնութիւնը ամերիկեան ափերու վրայ:

 

Մոմերու պատգամը

Օրը սկսաւ ուսուցչուհի Մարալ Դաւիթեանի ղեկավարած դպրոցական քայլերգով, Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի պետական օրհներգով: Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Ազնիւ Սէրայտարեանը աշակերտներուն բացատրեց Տեառնընդառաջի իմաստը, պատմականը եւ աւանդութիւնները: Ան, փոքրիկներուն հասկնալի, շատ համեստ լեզուով բացատրեց, թէ իրենց փոքրիկ ափերու մէջ բռնած մոմերը կը խորհրդանշեն Յիսուս Քրիստոսի լոյսը: Ապա աշակերտները մոմերը զգոյշ բռնած ելան բակ՝ ու զանոնք յանձնեցին իրենց ծնողներուն, մինչ մանկապարտէզի սանիկները կը բռնէին ուսուցչուհի Անի Մարսէլեանի պատրաստած թուղթէ լապտերները:

 

Հեռանայ չարը

Բակի մէջ դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը շուրջպարը եւ կրակի վրայէն ցատկելու արարողութիւնը մեկնարկելով ըսաւ. «Թող այս հուրը մաքրէ անցեալի բոլոր չար յիշողութիւնները, հեռանայ ցուրտը՝ գայ գարունը, երթայ վատը, գայ՝ բարին»: Ապա քաղաքիս «Փաթիլ» պարի դպրոցի կողմէ մարզուած աշակերտուհիները, հանդիսատեսներու ծափահարութիւններու հետ երկու խանդավառ պարեր ներկայացուցին: Այս վայելքին յաջորդեցին դպրոցական մեծ շուրջպարը եւ աշակերտներու,- նոյնպէս ծնողներու-, կողմէ անհամբեր սպասուած՝ կրակի վրայէն ցատկելու սովորոյթը: Այն ժամանակ աշակերտները մեծ «քաջութիւն» ցուցաբերեցին, յայտնաբերեցին նաեւ ցատկելու իւրայատուկ եւ համարձակ ձեւեր:

 

Օրը վերջացաւ սիրալիր զրոցներով: