ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
ՊՈՐՏԱԼ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ՖՈՐՈՒՄ
ՊԱՇԱՐՆԵՐԻ
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
ՀԵՌԱՎԱՐ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԻՆՏԵՐԱԿՏԻՎ
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ
ԿԿՏ
ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Մեսրոպեանի մէջ կայացաւ յատուկ ձեռնարկ մը նուիրուած կարտինալ Աղաճանեանի Սրբադասման դատին

Մարտի 2, 2023
Սփյուռքի լրատու

Ինչպէս ծանօթ է հայ հանրութեան, 2022  թուականի վերջաւորութեան Հռոմի տիեզերական եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբադասման դատին բացումը Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, որ կը հանդիսանայ 20-րդ դարու հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի ամենամեծ դէմքերէն մէկը՝ նաեւ Լիբանանի եւ համաշխարհային քրիստոնէական հանրութեան մէջ իր նշանակալի նուաճումներով: Գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, սկիզբ առած են կարտինալի Սրբադասման դատի վկաներուն հարցաքննութիւնները, որոնց առաջին հանգրուանը Լիբանանը հանդիսացաւ այս տարուան Յունուարին։

Այս առիթով, եւ ընթացող զարգացումներուն աշակերտութիւնը իրազեկուած պահելու համար, Մարտ 2-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որոնց մասնակցեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները՝ առանձնաբար:

Խօսք առին վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ հոգեւոր վարիչ տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որոնք աշակերտներու բացատրեցին կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ ազգին համար: Աշակերտներուն բացատրուեցաւ սրբադասման իմաստն ու ընթացակարգը:

Ցուցադրուեցաւ վիտէօ երիզ մը, ինչպէս նաեւ ունկնդրուեցաւ զեկոյց մը՝ աշակերտներու ներկայացմամբ, որոնց ընդմէջէն ներկայ աշակերտները ծանօթացան կարտինալ Աղաճանեանի հարուստ կենսագրութեան՝ սկսեալ ծննդավայր Ախալցխայէն, անցնելով Լիբանանէն՝ որպէս Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլկիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ հասնելով մինչեւ Հռոմ՝ եկեղեցական կարեւոր պաշտօններու մէջ:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ Գույումճեան ընթերցեց հատուած մը երաշնորհ հայրապետի հոգեւոր կտակէն, իսկ աւարտին ներկաները հաւաքաբար աղօթեցին վասն սրբադասման երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեանի:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

application/pdf
Ձեռնարկ
(49 kb)